2013-01-05 12:57:18

Յունուար Վեց` Մանկութեան Միսիոնարական Օր։


Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տօնին օրը յունուար վեցին, բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը վերակոչուի նաեւ մանկութեան միսիոնարական օրը։Այս տարուայ (2013-ի) բնաբանն է. ''Յիսուսի հետ կը սորվիմ հաւատալ''։ Բնաբանը ներշնչուած է միսիոնարական համաշխարհային օրուայ բնաբանէն. ''հաւատացի ուստի խօսեցայ''։ Նման լոզունք մը հրաւէր մըն է ուղղուած երիտասարդներուն, որպէսզի իրենց կարգին ապրին իրենց կեանքը Յիսուսի օրինակով ու նմանութեամբ։

Նշենք որ Մանկութեան միսիոնարական օրը հիմնուած է 1950 Պիոս ԺԲ Քահանայապետէն, ունենալով որպէս կէտնպատակ կազմել նոր սերունդը քրիստոնէական հաւատքի լոյսով ու քաջալերել զանոնք ռահվիրայ դառնալու Աւետարանի տարածման իրենց հասակակիցներու միջեւ, իրենց կեանքի ապրումով ու խօսքով։
Տիրոջ Աստուածայայնութեան տօնը Եկեղեցւոյ համար տիեզերական ծաւալ ունի։ Մոգերը Մանուկ Յիսուսի մէջ տեսան Տէրը` աշխարհի Փրկիչը։ Աստուածայայնութեան պատարագին աղօթքի դիտաւորութիւնները ուղղուած են այն երախաներուն որոնք լքուած են իրենց ծնողներէն, զոհ են չարաշահութեան, ստրկութեան, բռնութեան ու հիւանդութեան։ Ծիսակատարութեան ընթացքին ժողովուած գումարները, աւանդութեան համաձայն, կը բաշխուին կարիքաւոր մանուկներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.